Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ուխտի Միաբանական Ընդհանուր, 24 Յունուար, 2013-ին քուէարկեց ի նպաստ Սեւան Արք. Ղարիպեանի որպէս Սուրբ Աթոռոյ Նոր Լուսարարապետը, Պատրիարքութեան երկրորդ եւ կարեւորագոյն պաշտօններէն մին: Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետի ընտրութիւնը հետեւեցաւ, նկատի առնելով որ Նորընտիր Պատրիարքը նոյնինքն Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետն էր: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը գաղտնի քուէարկութեամբ եւ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրեց Գերշ. Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան որպէս Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետ: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին ներկայ էին երեսուն երեք անդամներ, որոնցմէ մի քանին եկած էին արտասահմանէն ընտրելու Հայ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան 97-րդ Պատրիարքը: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի նիստի աւարտին նորընտիր Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը շնորհակալական խօսքն ըրաւ միաբան հայրերուն, որմէ յետոյ բովանդակ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը գլխաւորութեամբ նորընտիր Պատրիարքի` առաջնորդուեցան դէպի Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճար: Մայր Տաճարի զանգակները արդէն ղօղանջած էին աւետիսը ընտրութեան արդիւնքին:Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ, Գլխադրի մատրան խորանին առաջ, նորընտիր Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը ծնկաչոք աղօթքն ըրաւ եւ ստացաւ Մայր Տաճարի բանալիներն ու տումարը: Գլխադրի մատրան առաջ, միաբան հայրեր շնորհաւորեցին նորընտիր Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը, որմէ յետոյ կրկիին բարձրացան Պատրիարքարան: Գերշ. Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան (աւազանի անունով Յովհաննէս) ծնած է 1940-ին Պէյրութ, Լիբանան: Աբեղայական ձեռնադրութիւն ստացած է 1968-ին ձեռամբ Երջանկայիշատակ Ամենապատիւ Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան Պատրիարքի: 1972 -ին ստացած է վարդապետական աստիճան` ձեռամբ Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի: Ձեռնադրուած է Եպիսկոպոս 1988-ին ձեռամբ Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի: 2006-ին Սեւան եպիսկոպոս Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակով ստացած է արքութեան պատիւ: Տասնեակ տարիներէ ի վեր, Սրբազան Հայրը կը վարէ Պատրիարքութեանս Ելեւմտից Դիւանի կարեւոր պաշտօնը:
Armenian seminary of Jerusalem