Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ուխտի Միաբանական Ընդհանուր, 24 Յունուար, 2013-ին քուէարկեց ի նպաստ Սեւան Արք. Ղարիպեանի որպէս Սուրբ Աթոռոյ Նոր Լուսարարապետը, Պատրիարքութեան երկրորդ եւ կարեւորագոյն պաշտօններէն մին: Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետի ընտրութիւնը հետեւեցաւ, նկատի առնելով որ Նորընտիր Պատրիարքը նոյնինքն Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետն էր: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը գաղտնի քուէարկութեամբ եւ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրեց Գերշ. Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան որպէս Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետ: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին ներկայ էին երեսուն երեք անդամներ, որոնցմէ մի քանին եկած էին արտասահմանէն ընտրելու Հայ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան 97-րդ Պատրիարքը: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի նիստի աւարտին նորընտիր Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը շնորհակալական խօսքն ըրաւ միաբան հայրերուն, որմէ յետոյ բովանդակ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը գլխաւորութեամբ նորընտիր Պատրիարքի` առաջնորդուեցան դէպի Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճար: Մայր Տաճարի զանգակները արդէն ղօղանջած էին աւետիսը ընտրութեան արդիւնքին:Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ, Գլխադրի մատրան խորանին առաջ, նորընտիր Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը ծնկաչոք աղօթքն ըրաւ եւ ստացաւ Մայր Տաճարի բանալիներն ու տումարը: Գլխադրի մատրան առաջ, միաբան հայրեր շնորհաւորեցին նորընտիր Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը, որմէ յետոյ կրկիին բարձրացան Պատրիարքարան:
...
Leer más »
|